ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս Բարեկենդանը վերջին օրերուն նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Մէկէ աւելի հանդէսներ տեղի ունեցան դպրոցէն ներս եւ այդ մթնոլորտին մէջ տղաքը թէ՛ ապրեցան Բարեկենդանի հրճուանքը եւ թէ հաղորդ դարձան Սրբոց Վարդանանց խորհուրդին՝ ներշնչուելով քաջն Վարդան Մամիկոնեանի կերպարով։