ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Տարեցներու շաբթուան առթիւ, երէկ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները յատուկ փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանը, ուր համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ։
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»էն կը տեղեկացնեն.-
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն նորոգ հանգուցեալ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Յուզումնախառն եւ փառաշուք արարողութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի, որ այնքան բարի եւ անթառամ յիշատակ մը թողած է իր ետին։
Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցան ձեռնագնդակի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքեր։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան միջվարժարանային այս մրցաշարքերը։
Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան:
Էսաեան վարժարանի մարմնամարզի խումբը վերջերս նուաճեց Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։ Արտա Արսլան, Սիմոն Նալճը եւ Արաս Պուլկուր կը գտնուէին Էսաեանի կազմին մէջ, որ Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան ծիրին մէջ փոքրերու դասաւորումէն ներս հանդիսացաւ ախոյեան։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն Տքթ. Ժիրայր Քայնար, որ Գատըգիւղի ընտանիքի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։ 96 տարեկան հասակին աչքերը կեանքին փակած Տքթ. Ժիրայր Քայնար կը թողու բարի յիշատակ մը՝ ըլլալով իր սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին։
Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի վաղուան յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն մասնակցելու համար այս առաւօտ քաղաքս հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ կը գլխաւորուի այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։