ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արուշ Թաշը եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին դպրոց կամաւոր խնամակալ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը պիտի այցելէ Լոս Անճելըս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տիրան Ա. Քահանայ Րէիսեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերներէն Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեանն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Այս շաբաթավերջին պիտի սարքուի Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փութացած էին տեղեկութիւններ փոխանցելու տարուած պատրաստութիւններուն շուրջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարօ Տէյիրմենճեան։ Դժբախտաբար, մահը վրայ հասած է գետնուղիի մէջ ճամբորդելու ժամանակ եւ ան անմիջապէս փոխադրուած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցը, ուր կատարուած միջամտութիւնները մնացած են ապարդիւն։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ֆէրիւգիղի մէջ ահազանգ հնչեցուց համայնքէ ներս առկայ անտարբերութեան:
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններ՝ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, երէկ Գարակէօզեան Տան մէջ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչաց կազմին հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը։ Ան մտերմիկ ոճով խօսեցաւ նիւթ ունենալով շարականները՝ երեք անջատ նիստերով:
Գալֆաեան Տան աշակերտները նախընթաց օր հաճելի նաւապտոյտ մը կատարեցին Վոսփորի մէջ։ Սարըեէրի «Ռոթարաքթ» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս նաւապտոյտը։