ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, երէկ Գարակէօզեան Տան մէջ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչաց կազմին հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը։ Ան մտերմիկ ոճով խօսեցաւ նիւթ ունենալով շարականները՝ երեք անջատ նիստերով:
Գալֆաեան Տան աշակերտները նախընթաց օր հաճելի նաւապտոյտ մը կատարեցին Վոսփորի մէջ։ Սարըեէրի «Ռոթարաքթ» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս նաւապտոյտը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի քարոզիչ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց նոր եղանակի բացման աշխատանքներուն։ Համոյթի թէ՛ մեծերու եւ թէ փոքրերու խումբերը շաբաթ կէսօրին համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
Պաղլարպաշիի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրիմի բացման հանդիսութիւնը։ Սա առիթ մըն է վերյիշելու համար մեծանուն բանաստեղծը եւ վերագնահատելու համար իր ժառանգութիւնը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի նոր շրջանի սկիզբի հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեմուտի հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, Կարպիս Փոլատ, Գատիմ Պիրոս, Գէորգ Ներկիզ եւ Միհրան Օնուր։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովին: