ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ դպրոցի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Ներկայ էին խնամակալութեան ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Քովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմը, սանուց միութեան վարչայինները, Գարակէօզեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս, Ս. Եղիայի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատի ունենալով Համաշխարհային հայրերու օրը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ծննդեան տարեդարձի զուգադիպութիւնը, մասնաւոր յիշատակութեան արժանացաւ նաեւ մեր հոգեւոր պետը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն վերջ համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Եկեղեցականաց համագումարին վրայ:
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութեամբ։ Ամբողջ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմի եւ խնամակալութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Յառաջիկային նախատեսուած է պատրիարքական տեղապահի մը ընտրութիւնը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս։ 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքը դպրոցէն հրաժեշտ առաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի նուիրեալներէն, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին բազմամեայ ու վաստակաշատ տնօրէն Հայկ Նշան։