ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը այս տարի տեղի ունեցաւ Ալթունիզատէի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին այս հանդէսին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով։
Ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները իրականացուցին շարք մը պտոյտներ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին «Քիտնազիա», «Լեկոլանտ» եւ «Աքուարիում»։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մեր կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութիւնով մը, որու շնորհիւ մեր կրթական մշակները ամառնամուտի շրջանին առիթ կ՚ունենան թէ՛ քիչ յոգնութիւն թօթափելու եւ թէ վայելելու իրարու անմիջականութիւնը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի գործօն անդամուհիներէն Հռիփսիմէ Մէյտանն ու Անգինէ Էվեափանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին՝ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի մօտալուտ համերգաշարի պատրաստութիւններուն մասին։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդէս մը, որ ձօնուած էր Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Այս կարեւոր յոբելեանը Էսաեանէ ներս նշուեցաւ դպրոցի Հայերէնի ակումբի նախաձեռնութեամբ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի նոր կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։ Ողջունելով նորանշանակ վարչայինները՝ նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Կազդուրման կայանը յատուկ առաքելութիւն մը ունի համայնքային կեանքէն ներս, ուստի, անոր գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի կատարեալ մակարդակով։
Եշիլգիւղի վարժարանի տարեվերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ արարողութիւնը, որու ընթացքին դպրոցի աշակերտութիւնը գործադրեց բազմակողմանի յայտագիր մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած եռալեզու յայտագրով։
Սահակեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերախումբի այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Հանդիսաւոր երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները, թաղի հովանաւորները, Սամաթիոյ ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ թատերասէր հիւրեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ հայ գիրերու գիւտին ձօնուած մշակութային ձեռնարկ մը։ Դպրոցի հանդիսասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտութեան ծնողներ եւ հիւրեր։