Թրքահայ կեանք

ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎ

​Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին առընթեր ստեղծուած խորհրդատու յանձնախումբին բանբերը՝ Յարութիւն Շանլը, որ միեւնոյն ատեն VADİP-ի դիւանի ատենադպիրն է ու կը գլխաւորէ Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, խօսելով պետութեան կողմէ վճարուած հատուցման գումարներու արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ:
«Այս դրամը տրուած է ազգապատկան տարածքի ապասեփականացման բերումով։ Այժմ կ՚աշխատինք առաւել արդիւնաւէտութեամբ տնօրինել զայն։ Նպատակասլաց մօտեցումով յառաջ պիտի ընթանանք։ Յամենայնդէպս, գալիք սերունդներուն արժէք մը փոխանցելու տեսանկիւնէ յարմարագոյնն է նոր կալուած մը գնելը»:
Թրքահայութեան տեսակէտէ ճակատագրական այս միջոցները պիտի կառավարուին ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու հեռատեսութեամբ: Մօտաւոր ապագային կը սպասուի եւս 916 հազար լիրայի, բացի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն ակնկալուած փոխանցումէն: Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ պիտի մշակուին աւելի սերտ կապեր:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աշխատութեանց մասնակից պատանիներ, երիտասարդներ եւ ընտանիքներ, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, շաբաթավերջին այցելեցին Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքը։

ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ։

ՏԵՂԱՊԱՀԸ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Տէր Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն կը վերադառնայ Իսթանպուլ:
Վաղը նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստ։ Գումգաբուի մէջ պատրաստութիւնները հասունցած են՝ պատրիարքական ընտրութեան շուրջ պետական իշխանութիւններուն այլընտրանքային թուականներ առաջարկելու եւ կանոնադրութիւն պահանջելու համար։ Պատրիարքարանէն նամակներ պիտի ուղարկուին նաեւ թեկնածուներուն, սակայն նախընտրական քարոզարշաւը պիտի չսկսի՝ նախքան թոյլտուութեան:
Նորին սրբազնութիւնը այս շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղի մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄՐԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։ Մխիթարեանցիներուն կողմէ կազմակերպուած ամրան աւանդական հաւաքոյթն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։

ՀԵՌԱՏԵՍ ՄԵԿՆԱՐԿ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու յարակից ստեղծուած խորհրդատու յանձնաժողովը երէկ Պատրիարքարանի երդիքին տակ նիստ մը գումարեցին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։
Փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ տարուած շինիչ աշխատանքին շնորհիւ համայնքին տեսակէտէ ապահովուած են անանտեսելի ձեռքբերումներ: Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն հասնելիք հատուցման ժամանակ մասնավճարներու համար զեղչեր պիտի կատարուին եւ ընդհանուր համեմատութիւնը իջած պիտի ըլլայ 11 տոկոսի։
Ապագայ հաւանական շինարարութեան մը պարագային նախատեսուած պայմանաւորուածութիւնն ալ ջնջուած է՝ դժուարութիւնները կանխելու համար։

Էջեր