Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՆԷՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ որպէս տեղապահ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ ծանօթանալ յունաց պատրիարքին հետ։