ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱՒՈՐԵԱԼ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց «Քալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագրին՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ յօդուածին բերումով:
Նորին սրբազնութիւնը Յարութ Սասունեանի նկատառման յանձնած է շարք մը ճշդումներ՝ պատմական եւ իրաւական հանգամանքներու, նաեւ մեր համայնքէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: