ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մօտաւոր անցեալի իրերայաջորդ տեղատարափներուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները բարեբախտաբար չեն կաղար։
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։
Կիպրոսի պատերազմին մասնակից 64-ամեայ Մուրատ Միհրան Իշլէրի հրաժեշտը՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Համակրելի մեներգչուհին գեղարուեստական գործունէութիւնը կը ճիւղաւորէ յաջող ծրագրերով:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց RUMVADER-ի (Յունական վաքըֆներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միութիւն) ներկայացուցիչները։
Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ կազմակերպուած ընթրիքը փայլուն անցաւ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Շուրջ 200 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
Ներքին գործոց նախարարութեան ուղղեալ աղերսագիրը յղուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան:
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինս թափուր դարձած Աթոռին նոր գահակալի ընտրութեան համար հնաւանդ ընկալեալ կանոններուն զուգահեռ Նախարարաց Խորհուրդի 18.09.961 թուակիր ու 5/1654 համարաւ ընտրական որոշմնագրի ու Ներքին Գործոց Նախարարութեան 1990 ու 1998-ին կատարուած պատրիարքական ընտրութեանց մասին կանոնագրութիւններու լոյսին տակ ձեռնարկած է ընտրութեան բաղկացուցիչ աշխատանքներուն։