ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՍԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ երէկ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեան իրաւունքը վերահաստատուեցաւ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներու նպատակասլաց արժեւորման նիւթին շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Հայաստանի մէջ կեցութեան ընթացքին զանազան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներ տալով՝ անդրադարձած է Պոլսոյ Աթոռի իրադարձութիւններուն։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընդգծած է, որ լարուածութիւնը թուլացած է, հանդարտ իրավիճակ մը կը տիրէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շաբաթավերջին, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։