ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ամանորեան խրախճանք մը։ Այս ամբողջին մէջ միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ նաեւ տօնավաճառ մը, որու այցելուները տարեմուտի սեմին հնարաւորութիւն ունեցան իրենց սիրելիներուն համար գնումներ ընելու 2018-ի ընդառաջ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վոսփորի եւրոպական ափի այս եկեղեցին բարենորոգութեան աշխատանքներու ենթարկուած էր վերջին շրջանին։ Այդ բոլորի աւարտին Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։
Սկիւտարի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ընթերցման խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամանորի նախատօնակի ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ երէկ երեկոյեան «Կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց իր աւանդական ամանորեան երեկոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիւքրիւ Կենչ վերջին տարիներուն Ամանորի շրջանին ընթրիք կը կազմակերպէ քաղաքիս փոքրամասնական շրջանակներուն եւ հասարակութեան այլ զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն համար։
Մեր համայնքի յայտնի մուճակի վաճառականներէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու վերջերս փոխադրած է իր խանութը։ Պարութհանէ պողոտայի վրայ երկար ժամանակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու խանութը տեղափոխած է «Մուրատօղլու» շուկայի առաջին գետնայարկը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաաթավերջը անցուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին սրբազնութեան դարմանումը շարունակուեցաւ՝ որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել սաստիկ պաղառութեան հետեւանքները։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները փայլուն անցան:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ յատուկ ձեռնարկ մը:
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին կողմէ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին «Րամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը։ Ամանորի սեմին կազմակերպուած այս ձեռնարկը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։