ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն պատասխանատուներ։ Այսպէս, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար նորին սրբազնութեան ներկայացան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Պատրիարքի թեկնածու՝ քաղաքիս կամ արտասահմանի սրբազաններուն արդէն ուղարկուած են նամակներ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն մը։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն կեդրոնացած է այս շաբաթավերջին նախատեսուած Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ։ 2017-2018 շրջանի մատաղօրհնութիւնները կը բացուին այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած աւանդական հանգանակութիւնով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազին՝ Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Խաչվերացի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, շաբաթավերջին Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական եկեղեցին դարձաւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը։