ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ շնորհուած շնորհակալագրին եւ յուշամետայլին յանձնման հանդիսաւոր հաւաքոյթը:
Ղազարոս Ունան երախտագիտական զգացումներով շրջապատուեցաւ՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւններուն բերումով:
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է պարգեւատրել Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի սիւներէն Ղազարոս Ունանը, որ երկար տարիներ բեղուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հաղորդուի, որ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբի անդամները եւ վարժարան մը հովանաւորող եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ներկայացուցիչները մասնակցած են այս խորհրդակցութեան։
Կը տեղեկանանք, որ մեր մտաւորական աշխարհի երէց սերունդի տիտաններէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր կը շարունակէ իր արտադրական աշխատանքը եւ այս շրջագծով հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Պարտիզակ»։