ԶԱՐՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Հանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան, ընկերակցութեամբ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Սեպտեմբեր 17-Հոկտեմբեր 11 թուականներուն միջեւ Թեփեպաշըի հարթակին վրայ տեղի կ՚ունենայ հնագրավաճառներու 9-րդ փառատօնը։ Կազմակերպիչներն են Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, Իսթանպուլի քաղաքապետութիւնը, «Քիւլթիւր քենթի» հիմնարկն ու Պէյօղլուի քաղաքապետութիւնը։