ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԻՆ ԹԱՂԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿՐԹՕՃԱԽԻՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան ու իր գործակից ընկերներէն Կարէն Թալաս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչաց կազմը, եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, սանուց միութեան վարչայինները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ուրախութիւնը ունեցանք նախկին իսթանպուլահայ արժէքաւոր ատամնաբոյժ Սարգիս Ատամը։ Ան Թուրքիա կ՚այցելէր Վանի մէջ մասնակցելու համար բժշկագիտական համաժողովի մը։