ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Մեզոփոթամիա» բժշկական միութիւնն ու Վան-Հաքքեարի բժշկական հիմնարկը միասնաբար կազմակերպեցին բժշկագիտական, ատամնաբուժական եւ դեղագործական երեք անջատ գիտաժողովներ։ 4-6 Յունիս թուականներու միջեւ Վանի մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքներուն մասնակից դարձան 13 երկիրներէ աւելի քան 700 մասնագէտներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ալէֆ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի գիրքը, որ կը կոչուի «Հայեր»։ Նուրան Աքքայայի «Հայեր»ը արդիւնքն է շուրջ եօթ տարուան բազմակողմանի աշխատանքի մը։