ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԵԿՆԱԿԷՏՆ Է՝ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ի ՇԱՀ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցման որոշման։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի ղեկավարութիւնը ներկայ ամսուան սկիզբին առ ոչինչ հռչակած էր Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, որ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալւեցաւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը:
Երէկ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտական մասնաշէնքէն ներս գումարուած ժողովի ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, որ մինչ այդ արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի հանգամանքով կը գլխաւորէ կառոյցը։
Ս. Յակոբեանց վանքի երբեմնի կալուածներու հետապնդման պատրուածքով:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան ընտրութիւններէն յետոյ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մամետեարով Պաքուի մէջ յայտնեց, որ կողմերը որոշած են Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ քննարկումները շարունակել աւելի եռանդուն ձեւով։