Լրահոս

ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«Ամբողջ աշխարհ արդար կը համարէ Ատրպէյճանը, սակայն կարգաւորման ուղղութեամբ կարելի չ՚ըլլար յառաջընթաց արձանագրել։ Այս հիմնախնդիրը կարեւոր է տարածքաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան տասակէտէ»:

ԼՐԻՒ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ

Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործելու վրայ են Աֆրին քաղաքի կեդրոնը. բնակիչները կը տարհանուին:
Էրտողանի խօսքերով՝ Սուրիոյ հիւսիսին միեւնոյն ժամանակ կ՚երաշխաւորուի տարածքաշրջանի ժողովուրդի ապագան:

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն ներս նախատեսուած է իր մասնակցութեամբ հաւաքոյթ մը։

ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Պարպիքըն հոլ»ի երդիքին տակ։ Համերգասրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ներկայ երաժշտասէրներու շարքին կային բազմաթիւ հայեր, որոնք եկած էին ողջունելու Արա Մալիքեանը։

Էջեր