«ԹԱՓՈՎ ԴԷՊԻ ԱՖՐԻՆ»
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Մէկ կողմէ Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն վճռակամութեամբ յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները, իսկ միւս կողմէ դաշտի վրայ յառաջացած նոր իրադարձութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն դիւանագիտական հրատապ նախաձեռնութիւններ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լիագումար նիստի ժամանակ։
Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր ղեկավարը կ՚ընդունուի Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
Թիֆլիզի մէջ, Փետրուարի 19-ին, մեծ շուքով նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:
Մարդու իրաւանց պաշտպանը ընթրիք մը սարքեց փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան առաջին հերթին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։
Սերժ Սարգսեան կրկնեց. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։