ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ
Հոլանտայի մէջ համախոհական իշխանութեան մասնակից չորս կուսակցութիւնները կը պատրաստուին խորհրդարանի մէջ հաւանութիւն տալ՝ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած երկու բանաձեւերու։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, այդ երկու բանաձեւերուն հեղինակն է Քրիստոնէական միութեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժոէլ Վորտեւինտ։
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընը:
Թուրքիա եւ Գերմանիա պատրաստակամ են յաղթահարելու իրենց առկայ տարակարծութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ ունենալ լայնախարիսխ հանդիպումներ եւ բազմակողմանի շփումներ՝ իր վերջնական որոշումը տալու սեմին։ Արմէն Սարգսեան ցայսօր տեսակցեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, գիտական ու թեքնիկ յառաջատար կառոյցներու վարիչներու, մտաւորականներու, գեղարուեստական աշխարհէ դէմքերու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու հետ։
Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան վաղը Գումգաբուի մէջ պիտի մասնակցի նորոգ հանգուցեալ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յուղարկաւորութեան։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած արարողութեան ժամանակ ան պիտի ներկայացնէ պետութիւնը եւ յանուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պիտի փոխանցէ վշտակցութիւններ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կը քննարկուի բոլոր երեսակներով ու հաւանական հետեւանքներով: