ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը, որ այցելեց Երեւան։ Ողջունելով հիւր նախարարը՝ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ երկկողմանի բարձր մակարդակի աշխոյժ փոխադարձ այցելութիւններուն մասին եւ ընդգծեց, որ անոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ա՛լ աւելի մեծ հոգատարութեամբ զարգացնելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւնները։
Հայաստան-Իրան գործարար ֆորումով կը նախատեսուի թափ տալ բազմակողմանի համագործակցութեան:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով, երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:
Արցախի հերոս ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեան դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատախազը իր պարագային եօթ տարուան ազատազրկում պահանջած էր եւ դատավարութեան աւարտին գրեթէ ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ նախատեսուած պատիժը։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Չավուշօղլու, որ պատասխանատու է վաքըֆներու գծով, Թորոս Ալճանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» նորովի, աշխոյժ, պարային ու անսպասելի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացուի թատերասէրներուն:
Վարչապետ. «Քանի որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տուած է խոստում մը՝ արժեւորելիք նիւթ մը չկայ»:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու 34-րդ համաժողովը Փարիզի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը: