«ՖԻԿԱՐՈՅԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին ան Սոչիի մէջ տեսակցած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իր յառաջիկայ այցելութիւնն ալ նախատեսուած է դարձեալ դէպի Սոչի։
«Ժամանակի ընթացքին մեր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, սակայն անփոփոխ մնացած են փոխադարձ ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը՝ պարզ մարդկային ճակատագրով եւ իւրաքանչիւր նորի պարագային ընկալունակութիւնը»:
Պրազիլիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոյզօ Նունէս Ֆերէյրա պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Հոլանտայի ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ:
Սերժ Թանկեանի ամենայայտնի խումբը՝ «Վիզա»ն, Ճիւան Գասպարեան կրտսերը, «Capital Cities» խումբի հայազգի մեներգիչ Սեպուն համատեղ համերգային ծրագրով հանդէս կու գան Երեւանի մէջ։
Երեւանի Էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական գոլէճի տնօրէն Տիգրան Դաւթեանի նախաձեռնութեամբ գոլէճի ուսանողները կը զարգացնեն անգլերէնի եւ այլ օտար լեզուներու իմացութիւնը՝ այցելելով Հայաստանի պատմամշակութային օճախներ, ծանօթանալով անոնց պատմութեան եւ իրենց լսածի, տեսածի շուրջ օտար լեզուներով զրոյցներ ծաւալելով։