«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։
Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա գիւղին մէջ իրականացուեցաւ ճատրակի բաց առաջնութիւն, որ նուիրուած էր Հայոց եղեռնի 102-րդ տարելիցին: Մրցաշարքը առաջին անգամ իրականացուեցաւ 2015 թուականին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեանի եւ նախաձեռնութեամբ Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեանի:
«Սօսէ 2017» միջազգային փառատօնը սկսած է շարժապատկերներու դիմումներուն ընդունումը: Հիմնական մրցութային ծրագրով կրնան մասնակցիլ բոլոր ժապաւէնները՝ առանց թեմայի սահմանափակման (խաղարկային, երկարաժամ, կարճաժամ, վաւերագրական):
Արցախի այցեքարտը դարձած Տիգրանակերտի մէջ այս տարի եւս կ՚ընթանան հնագիտական պեղումներ: Այս մասին Նորա Գրիգորեան տեսակցած է պեղումներու ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի հետ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հաւանական քաղաքական ուղիներուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյլիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ երէկ տեսակցեցան շուրջ երեք ժամ՝ քարտէսի վրայ մանրամասն քննարկելով տարածքաշրջանի իրադրութիւնը:
Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրը երէկ յատուկ ձեռնարկով մը նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Իպիս» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Մամլոյ ազատութեան ժամանակը» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Եուրի Խաչատուրով ազատուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուան սկիզբի դրութեամբ Եուրի Խաչատուրով կը կոչուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարի պաշտօնին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանի հայաշատ բնակավայրերէն Կլենտէյլի մէջ Վարդան Կարապետեան կոչուեցաւ քաղաքապետի պաշտօնի։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Մայիսի 1-ին Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամները ձեռնարկեցին քուէարկութեան եւ արդիւնքին միաձայնութեամբ քաղաքապետ ընտրեցին Վարդան Կարապետեանը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամը միշտ կապի մէջ:
Երիտասարդներու կրթութեան եւ բարձրակարգ վերապատրաստման համար տարուած աշխատանքը գնահատանքի առարկայ:
Երուսաղէմի Հրէական համալսարանին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ուսանողներ կ՚ուսումնասիրեն հայոց լեզու, հայկական մշակոյթ ու պատմութիւն: Այս մասին աւստը-րալիական SBS-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատմած է համալսարանի դասախօս, Փրոֆ. Մայքըլ Սթոն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան։