ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ դարձեալ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, տեղական ժամով շուրջ 11-ին։
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անուանական աստղը Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ կը բացուի Օգոստոսի 24-ին: Ան կը տեղադրուի պատմական Pantages թատրոնի մօտակայքին։
Հոլիվուտեան դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ նկարիչ եւ գիտնական-գիւտարար Լէոնարտօ տա Վինչին կը մարմնաւորէ Վերածնունդի շրջանի հանճարի կենսագրութեան շարժապատկերին մէջ։
Արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող «Պասկալ եւ Տիոտադօ» սրճարանի պատասխանատուները կը կազմակերպեն «Բարի արագիլ» երաժշտական փառատօնը:
Պրիւքսելի «Կրան փլաս» հրապարակին մէջ, փռուած է հարիւր հազարաւոր կենդանի ծաղիկներէն հիւսուած գորգ մը: Երկու տարին անգամ մը Եւրոպայի ամենագեղեցիկ հրապարակներէն մէկը զարդարելու աւանդութիւնը յղացած է 1971 թուականին:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տօնը:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ յառաջընթաց չ՚արձանագրուիր Ատրպէյճանի պատճառով:
Անգլիոյ Առաջին լիկի մեկնարկային փուլին «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբը իր դաշտին վրայ 4-0 հաշուով առաւելութեան հասաւ «Ուեսթ Հեմ»ի դիմաց։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի Յօրինողներու միութիւնը, Օգոստոսի 15-26 թուականներուն միջեւ, Դիլիջանի Եդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան մէջ պիտի իրականացնէ հայ եւ վրացի երիտասարդ երգահաններու եւ կատարողներու երաժշտական ճամբար: