ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Կարօ Փայլանը, կարեւորեց համահայկական օրակարգի խնդիրներուն նուիրման ուղղեալ համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս տարի կատարեց ուշագրաւ պարգեւատրումներ եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։
Հանրապետութեան նախագար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն առթիւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Նոր ալիք 2017» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ յաղթանակներով վերադարձած երգչուհիներ Էռնա Միրզոեանը (Էռնա Միր) եւ Սուզաննա Մելքոնեանը:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները: