Լրահոս

ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ 

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼՃԻ ԱՓԻՆ «ՅՈՒՍՈՅ ԱՌԱԳԱՍՏ»

«Յուսոյ առագաստ-2017» հեղինակաւոր երգի միջազգային փառատօնը Սեւանի ափին համախմբած է հայ եւ օտարազգի կատարողները՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Փառատօնը, որ տեղի ունեցած է անընդմէջ երրորդ տարին ըլլալով՝ ունի միջազգային ձեւաչափ:

ԱՐՔԱՅԱԶՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ…

Բրիտանական գահու թագաժառանգ Քէյմպրիճի դուքս Ուիլիըմ եւ իր եղբայրը՝ արքայազն Հարի առաջին անգամ կը պատմեն իրենց մօր՝ արքայադուստր Տայանայի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որ եթերով կը հեռարձակուի ITV հեռուստաալիքէն, այսօր՝ Յուլիսի 24-ին: 

ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՐՋԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական ծոցի երեք երկիրներ:
Անգարա պատրաստակամ՝ Քաթարի տագնապի յաղթահարման եւ տարածքաշրջանի կայունութեան համար իր նպաստը բերելու:

ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է զարգացնելու ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով։

«ՄԱՔՈՒՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄ

Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուած է «Մաքուր Հայաստան» գործողութիւններու ծրագիրը եւ առնուելիք քայլերուն ժամանակացոյցը: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան բացատրած է, թէ ինչ կը նշանակէ ծրագիրը իրականացնելու ժամանակ կիրառել կոշտ վարչական կարգադրութիւններ:

ՊԷՅՔՈԶԻ ՆԻՒԹԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՉԵՂԱՒ

Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որեւէ խօսակցութիւն տեղի չունեցաւ Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան համայնքապատկան կալուածի հատուցման գումարներու արժեւորման հարցին շուրջ համայնքէն ներս գոյացած է նոր համաձայնութիւն մը։

Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 23-ին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:

Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 23-ին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:

Էջեր