ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի «Օրակարգէ դուրս» հաղորդաշարի ընթացքին ուշագրաւ եւ զգայացունց յայտարարութիւններ:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի խօսքերով՝ եթէ Ատրպէյճան նոր յարձակումի մը անցնի, ապա պիտի ընդլայնուին Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայքի անվտանգութեան գօտիի լայնութիւնն ու խորութիւնը եւ պիտի վերականգնուին անցեալ տարի իր հսկողութեան տակ անցած սահմանափակ յենակէտերը:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծաւալուն աշխատանքները:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Միջազգային բանակային խաղերուն»։ 28 երկիրներէ չորս հազար զինուորականներ մասնակցեցան այս խաղերուն, որոնք տեղի կ՚ունենան երրորդ անգամ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համացանցային համալսարանը կը շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել հայերէնի ուսուցման հարցը։ ՀԲԸՄ-ի համացանցային համալսարանը վերջերս «e-Hangouts» համակարգին վրայ ստեղծած է հայերէնի գործածութեան յարմարութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդարանի Խրիմեան ճեմարանի ընտանիքը, Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ նշեց ճեմարանի 30-ամեակը՝ այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին։
«Հայրենիքէ դուրս հայապահպանութիւն իրականացնող կառոյցը նախ եւ առաջ հայկական դպրոցն է»:
Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր, որ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը, յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Եւրոմիութեան ապագայ ներգրաւուածութիւնը կախեալ է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացումէն
Տեղատարափն ու կարկուտը երէկ երեկոյեան ժամերուն բառին բուն իմաստով գերեվարեցին Իսթանպուլը:
Նախարար Ցախի Հանեկպի աւարտեց դէպի Երեւան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը: