Լրահոս

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Արցախի մէջ վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Գանձասարի վանքի օծման 777-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայկական PR» մրցանակաբաշխութիւնը։ Արդիւնքներու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

​Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին հիւր նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքական երկխօսութեան ժողովը։ Եւրոպական կողմը ներկայացուցին ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման կոմիսար Եոհաննէս Հահն։

ՔԱՆԴԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է

Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ շրջայցը՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շեշտը դրաւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան կլիմայի կառուցման վրայ:

ՎԱՐԴԱՎԱՌ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութիւն (FYCA) կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած «Վարդավառ միջազգային փառատօն»ը, որ չորրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներն եւ տօնի հարիւրաւոր սիրահարները: Փառատօնը նպատակ ունէր ներկայացնելու ազգային-աւանդական մշակոյթը, լայն հասարակութեան ճանաչելի դարձնելու Վարդավառի տօնական եւ ծիսական առանձնայատկութիւնները:

ԾՈՑԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահը երէկ տեսակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ եւ անցաւ Քուէյթ:
Թուրքիա կը ջանայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ իր նպաստը բերել Քաթարի ճգնաժամի յաղթահարման ջանքերուն:

​ ՍԻՆԱԿՈԿԻ ՄՕՏ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Նեւա Շալոմ սինակոկին առջեւ։ Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի մէջ՝ Մեսճիտի Աքսայէ ներս ձեռնարկուած միջոցները բողոքելու համար կատարուեցաւ այս ցոյցը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Չի ԽՈՉԸՆԴՈՏԵՐ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ»

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի խոչընդոտեր Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի աշխատանքը։ Հայաստանի tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ կրօնական ժողովի ատենապետը յայտնեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է շուտով պետութեան ներկայացնէ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ժամկէտներն ու կանոնադրութիւնը։

Էջեր