Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ «ՅՈՎԱԿԻՄ 1461» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՎԱՔԸՖԷՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ կը հրաժարի «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ վաքըֆի իր պաշտօններէն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վաքըֆը Պատրիարքարանի առընթեր հաստատուած էր վերջին շրջաններուն՝ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ հասոյթներ ապահովելու հնարաւորութիւններ ունենալու մտադրութեամբ։