ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՄԱՌ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, պէտք է յաղթահարուին այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները: