Լրահոս

ՀՏՓ-ԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

Խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը՝ Ֆի­կէն Եիւք­սեք­տաղ, Սե­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ եւ Սըր­րը Սիւ­րէյ­յա Էօն­տէր, ինչ­պէս նաեւ ՀՏՓ­-ա­կան այլ ինն ե­րես­փո­խան­ներ ե­րէկ ուշ գի­շե­րին առ­նուե­ցան հսկո­ղու­թեան տակ։ Տե­միր­թաշ ձեր­բա­կալ­ման պա­հան­ջով ու­ղար­կուա­ցաւ դա­տա­րան։

ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ

Հա­մա­ցան­ցի վրայ ար­դէն հա­սա­նե­լի դար­ձած է հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չը՝ ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ար­դէն շուրջ 8500 հո­գի ներ­բեռ­նած է այդ մէ­կը։

ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉԸ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նո­րան­շա­նակ ա­ւագ մար­զիչ Ար­թուր Պետ­րո­սեան, որ 1 Նո­յեմ­բե­րի դրու­թեամբ ձեռ­նար­կած է պաշ­տօ­նի, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ՝ երկ­րի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­թուր Պետ­րո­սեան նշեց, որ կը պատ­րաս­տուի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կել հայ­կա­կան ընտ­րա­նին։ Իր օգ­նա­կան­նե­րը պի­տի ըլ­լան՝ Սար­գիս Յով­հան­նի­սեան եւ Ռազ­միկ Գրի­գո­րեան, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ մաս կազ­մած են հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նին։

Ա. ՓելեշեանԻՆ Պարգեւ

Նշա­նա­ւոր հայ բե­մադ­րիչ-վա­ւե­րագ­րող, բե­մա­գիր, դե­րա­սան Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեան Չե­խիոյ Եիկ­լա­ւա քա­ղա­քին մէջ տեղի ու­նեցած Վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցած է պար­գե­ւի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հին մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար։

ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ՆՈՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Ե­գիպ­տո­սի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի­նա­կան «Չայ­նա Ֆոր­չուն Լենտ Տե­ւե­լոփ­մընթ» ըն­կե­րու­թեան հետ գո­յա­ցու­ցած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, ո­րուն ծի­րին մէջ չի­նա­կան կող­մը 20 մի­լիառ տո­լա­րի ներդ­րում պի­տի կա­տա­րէ Ե­գիպ­տո­սի նոր մայ­րա­քա­ղա­քի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծին մէջ:

ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ՄԵԾ ԴԱՇՏ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի երկօրեայ միացեալ ժողովը եզրափակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ 2018 թուականը հռչակուեցաւ երիտասարդութեան տարի, որու ընթացքին մեծ հաւաք մը պիտի կազմակերպուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Հիւսիսային Ամերիկայէ ներս հայ նոր սերունդի ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ կը նախատեսուին բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ:

ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Մայ­քըլ Քար­փեն­թըր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, թէ ՆԱ­ԹՕ-է ներս Թուր­քիա կը հան­դի­սա­նայ այն միակ եր­կի­րը, որ պատ­ժա­մի­ջոց­ներ չի կի­րար­կեր Ռու­սաս­տա­նի դէմ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ դժուար օ­րե­րուն Ռու­սաս­տան ա­պա­ցու­ցա­նած է, որ իս­կա­կան բա­րե­կամ մըն է։

Էջեր