ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Մալթայի մէջ կը մասնակցի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախընթաց օր որոշած էր վերստին քաղաքական հակակշիռ սահմանել Թուրքիոյ պարագային։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ծրագրաւորման պետական նախարար Միշէլ Փարաւոնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ողջունելով հիւրը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց իր այցելութիւնը դէպի Հայաստան։
Սրապիոնեան բացատրութիւն տուաւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերուն շուրջ:
Հայաստանի մէջ ներկայ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ աստիճանաբար կը հասուննան նոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքները։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող եւ վերջին ընտրութիւններէն դարձեալ մեծամասնութիւն ապահովելով դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կը պատրաստուի դարձեալ համախոհութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) հետ։ Վերջին շաբաթներուն այս խնդիրը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։
Լիզպոնն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ուրախ են յայտարարելու «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակում» ծրագիրին մեկնարկին մասին: Սոյն ծրագիրին նպատակն է, մանկավարժութեան ժամանակակից գիտութեան հետ համընթաց, մասնագիտական վերամշակման առիթ ստեղծել լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի պատասխանատուներու համար:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քննարկումները այսօր երկար ընդհատումէ վերջ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ:
16 Ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքը կը շարունակէ վէճի առարկայ մնալ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ։ Երէկ, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի հանրաքուէի արդիւնքները վիճարկել Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) մօտ։
Հնդկաստանի Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ աւարտեց դէպի Երեւան իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Շփումներուն վերջին օրը՝ երէկ, Համիտ Անսար այցելեց Երեւանի Պետական համալսարանը, ուր հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը եւ իրեն շնորհուեցաւ պատուոյ տոքթորի կոչում։
Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ օփերայի միջազգային փառատօն մը, որ կը սկսի այսօր:
Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն: