ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ 12-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ
Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայ բժշիկներու միջազգային համագումարը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ «Հայերն այսօր» կայքէջի հաղորդումներով, բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց արժանթինահայ վարակաբան Տքթ. Դանիէլ Ստամպուլեան:
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Թրքական օդային ընկերութեան սաւառնակով Քէօլնէն հասաւ Իսթանպուլ։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը օդանաւին իսկ մօտ դիմաւորուեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։
«Սիսթըմ օֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, կեդրոնի բակին մէջ, ցուցադրած են իրենց պատրաստած աշխատանքները:
Իսթանպուլ ժամանելէ առաջ տեղապահին հարցազրոյցը՝ «Հայ Ձայն» կայքէջին:
2016-2017 ֆութպոլի շրջանը աւարտին հասաւ Հայաստանի մէջ։ Այս տարի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց «Ալաշկերտ» խումբը։
Հայաստանի մէջ մօտ ապագային պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 առ հարիւրը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3 առ հարիւրը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները:
Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ինչպէս միշտ, իր այցելութիւնով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ, սակայն այս անգամուան այցելութիւնը ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Զէքիեան Գերապայծառ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը պատուեց՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին։