ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Էրտողանի եւ Փութինի Մոսկուայի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային հարցեր:
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Էրտողանի եւ Փութինի Մոսկուայի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային հարցեր:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Պէտք է փորձենք շարունակել բանակցութիւններու համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու գործընթացը»:
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Պետրոս Տէր-Մաթոսեան վերջերս արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Այսպէս, պատմաբան Տոց. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի կողմէ հեղինակուած գիրք մը վերջերս արժանացած է պարգեւի մը՝ որպէս լաւագոյն գործ։
Լեռնային Ղարաբաղի մարդու իրաւանց պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան վերջերս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պլոքըր Ալեքսանտր Լափշինի հարցին շուրջ։ Այս վերջինը թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Իսրայէլի քաղաքացի է։
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի գործակցութեան խորհուրդի ժողովը այսօր տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ՝ բազմակողմանի օրակարգով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին եօթ ամիսներուն ընթացքին չորրորդ անգամ կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւնները կը ձգտին հաստատել ռազմավարական գործունէութիւն:
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ:
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ օդային արկած մը։ Այսպէս, Պէյլիքտիւզիւի մօտակայքին անկում կրեց ուղղաթիռ մը։ Դէպքը պատահեցաւ՝ ուղղաթիռի աշտարակի մը բախուելուն հետեւանքով։ Հրշէջ այդ ուղղաթիռը ինկաւ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի ընդարձակ համալիրի մերձակայքին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Ֆրանսա։ Փարիզի երկօրեայ շփումներէն վերջ Սերժ Սարգսեանի ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլը հանդիսացաւ Լիոն քաղաքը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին շփումներ կ՚ունենան Պաքուի մէջ, ուր կը տեսակցին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։