ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի, որ բոլորովին վերջերս տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով վերընտրուեցաւ, յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ «news.am»ի հաղորդումներով, ան իր պաշտօնավարութեան երկրորդ ժամկէտին ընթացքին Ատրպէյճանի հետ երկաթուղային գիծերու կառուցումն ու ընդլայնումը կը համարէ կարեւոր համատեղ ծրագրերու շարքին։
Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
Անգարա եւ Մոսկուա որոշեցին ջնջել սահմանափակումները եւ հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութեամբ: Վարչապետ Եըլտըրըմ Թիֆլիզի մէջ:
ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն:
Նախագահ Էրտողան միջամտեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով»:
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքէն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հասան ահաբեկչական արարքի մը վերաբերալ լուրեր։ Այսպէս, երգիչ Արիանա Կրանտէի մարզադաշտի մը մէջ կազմակերպուած համերգին ժամանակ պատահեցաւ երկու պայթում։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վատիկանի Առաքելական Նուիրակ Մարէք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ։ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը Սերժ Սարգսեանին կողմէ հիւրընկալուեցաւ՝ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Յունական Կիպրոսի մէջ, կազմակերպութեան նախարարաց կոմիտէի ժողովներու օրերուն։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի գործերը, որոնց կողքի մը ներքեւ հաւաքուիլը առիթ ընձեռած է յետմահու իր մէկ նոր գրքի հրատարակման։ «Կատուներ» կը կոչուի այս գիրքը, որ հրատարակուած է երկլեզու։
Արամ Խաչատրեանի անուան 13-րդ միջազգային մրցոյթը ըստ աւանդութեան կը սկսի յառաջիկայ Յունիսի 6-ին, յօրինողի ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Այս տարի առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ մրցոյթ նաեւ վոքալ մասնագիտութեամբ, որու համար հարիւրէ աւելի յայտեր ստացուած են:
Սինկափուրի հայկական եկեղեցին արտասահմանեան զբօսաշրջիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է: Սինկափուրի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1835-ին իրլանտացի ճարտարապետ Ճորճ Քոլմանի նախագիծով, զբօսաշրջիկներու ամենասիրած տեսարժան վայրերէն մին է: