ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ՏՈՀԱ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Քաթար։ Տոհայի մէջ ան այսօր կը հիւրընկալուի Քաթարի էմիր Թամիմ Պին Էր Համատ Էլ Թանիի կողմէ։ Շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։
Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթը, որու դափնեկիրը դարձաւ Փորթուգալի ներկայացուցիչ Սալւատոր Սոպրալ։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ ներկայիս կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Մոսկուայի մօտալուտ նստաշրջանին ընդառաջ կը քննարկէ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, որ տեղապահի ընտրութենէն վերջ առաջին անգամ մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանի «Հեռանկար» հաղորդաշարէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի Մատենադարանը ներկայիս անցում կը կատարէ դէպի նոր՝ հիմնադրամի կարգավիճակի:
«Մոտըրն Հելթքեր» թերթը, որ առողջապահութեան մարզին մասին լուրերու եւ ուսումնասիրութեանց նուիրուած հեղինակաւոր հրատարակութիւն մըն է, կազմած է առողջապահական մարզի ընկերութեանց լաւագոյն քսանհինգ տնօրէններու 2017 թուականի ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայազգի բարերար Մայք Սարեան։
«Կանգառ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ» խորագրով համերգը, Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ, Մայիսի 13-ին լոսանճելըսցիներուն պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը: Երաժիշտներ Արտեոմ Մանուկեանն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ «Այա» պարախումբը պիտի ներկայանան կատարումներով, իսկ նկարչուհի Արփինէ Շահպանտարեանը՝ իր արուեստի գործերով:
Հովանաւորութեամբ Հալէպի Պետական համալսարանի նախագահ Տքթ. Նայէֆ Սալթիի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Հալէպի Պետական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի շաբթուան: