ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ ԿՐՆԱՅ ԱՅՑԵԼԵԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շրջանին հաւանաբար այցելէ Իսթանպուլի նահանգապետարան։ Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ մեզի հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ այն շփումներուն մասին, որոնք ներկայիս յառաջ կը տարուին պաշտօնական մարմիններուն հետ։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Թրքական օդային ընկերութեան սաւառնակով Քէօլնէն հասաւ Իսթանպուլ։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը օդանաւին իսկ մօտ դիմաւորուեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։
«Սիսթըմ օֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, կեդրոնի բակին մէջ, ցուցադրած են իրենց պատրաստած աշխատանքները:
Իսթանպուլ ժամանելէ առաջ տեղապահին հարցազրոյցը՝ «Հայ Ձայն» կայքէջին:
2016-2017 ֆութպոլի շրջանը աւարտին հասաւ Հայաստանի մէջ։ Այս տարի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց «Ալաշկերտ» խումբը։
Հայաստանի մէջ մօտ ապագային պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 առ հարիւրը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3 առ հարիւրը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները:
Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին: