ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Լիւքսեմպուրկի մէջ։
Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Լիւքսեմպուրկի մէջ։
Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս շահեկան ու ծաւալուն գիտաժողով մը:
Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեան աջակցեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ երեք հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ, տեղական ժամով շուրջ 18.05-ին պատահեցաւ դէպքը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը՝ կրակելով հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերու միջոցաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավարը:
Ալեքսէյ Միլլեր կանգ առաւ այն ծրագրերուն վրայ, որոնք ուղղուած են երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան բարձրացման:
9-16 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 14-րդ շարժանկարի փառատօնը:
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ այս տարի պիտի հաստատուին Տովլաթեանի, Երզնկեանի եւ Իսրայէլեանի աստղերը:
ԵՄ-ի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատարի Պաքու այցը:
Իլհամ Ալիեւ եւ Եոհաննէս Հան քննարկեցին համագործակցութեան նոր համաձայնութեան մը հնարաւորութիւնը:
Լոնտոնաբնակ հէքեաթագրի ստեղծագործութիւններու շնորհանդէսը՝ Սփիւռքի նախարարութենէն ներս:
Նունէ Սարգսեանի հէքեաթները բարձր գնահատանքի առարկայ դարձան հեղինակաւոր գիտնականներու կողմէ:
Զուիցերացի արուեստագէտ Թերեզէ Վեպերի «Թուղթ-ձեռք եւ ոգի. պատումներ արուեստի մէջ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ: Մինչ ցուցահանդէսի բացումը միջոցառման մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցան Թերեզէ Վեպեր եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները:
Հայաստանի նախագահը ընդգծեց համանախագահներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Սերժ Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք կրնան կանխել լարուածութեան աճը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հազարաւոր յուղարկաւորներ, Յունիսի 9-ին, Ուրբաթ օր, մասնակից դարձան Իրանը հարուածած ծանր ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներու թաղման արարողութեան: Բողոքի շունչ պարունակող թաղման թափօրին հետեւողները բողոքի խօսքեր արտասանելով կը յառաջանային 12 զոհերու դագաղներուն ետեւէն: