ԱՐԱ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐ


Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համաձայնութեան ծիրէն ներս Ս-400 հրթիռային համակարգերու նիւթը թեւակոխած է եզրափակիչ փուլը եւ հիմա կարգը եկած է ռազմաօդանաւերուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն կը ծաւալէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, Սուրիոյ առաջնահերթութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։
Լվովի հայկական թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբալեանին ձօնուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մատենադարանի երդիքին տակ ներկայացուեցան՝ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ պատրաստուած շուրջ 40 ձեռագրեր:
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ճակատագրական քայլը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Սուրիոյ երկարամեայ տագնապը:
Վարչապետը կրկնեց Թուրքիոյ վերապահութիւնները:
Ուաշինկթըն զօրքերու շարժման անցնելէն առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Անգարային: Ներկայիս ԻՇԻՊ-ի կապը արդէն խզուած է միւս քաղաքներուն հետ
Հռոմի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը։ 6-8 Յունիսին տեղի պիտի ունենան աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։
Անգարա-Պերլին յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու համար կարեւոր որոնումներ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ այսօր բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Շաբաթ, Յուլիսի 15-ին, Կլենտէյլի «Սիվիք Սենթըր»ի սրահին մէջ, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, տեղի պիտի ունենան «Արփա» հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն։
Օրընճ Քաունթիի Մանուկներու եւ «Ս. Ճոզէֆ» հիւանդանոցներէն 32 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ ու օգնականներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Հայաստան կատարած երկշաբաթեայ իր առաքելութենէն։