ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԷ
«Արեւելք» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
«Այնճարի հայութեան դէմ սպառնալիքներ չկան», կայքէջին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Խօսելով շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր ապահովութեան մթնոլորտին մասին, անցեալ Մայիսին քաղաքապետի պաշտօնին կոչուած Խոշեան ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու, ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ընդհանուր ապահովական իրավիճակը խոցելի է: