«ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներէն Սուսաննա Գալստեանի գլխաւորութեամբ քաղաքիս մէջ տարուած երկշաբաթեայ աշխատանքը եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Սուսաննա Գալստեան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտներու հետ աշխատանք տարաւ մարդամեքենաներ (ռոպոթ) շինելու ուղղութեամբ։
Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր տարրերը պէտք է քննարկել՝ որպէս ծրար մը»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Անգարա։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Աշխարհահռչակ հայազգի սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան յառաջիկայ Նոյեմբերի 4-ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղկանայ հայկական օրհներգներէ եւ ներբողներէ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարեց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի շրջագծով շատ ամուր է գործընկերութիւնը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միչեւ։ Փենթակոնի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քարթըր յայտնեց, որ սահմանային շրջաններու անվտանգութեան երաշխաւորման համար յաջող աշխատանք կը տանին թրքական կողմին հետ