ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐ
Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրացաւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հակակշռուած տարածքներու երեսուն տոկոսին:
Պեշար Էսատի վարչախումբին ենթակայ զօրքերը թողած են միջանցք մը՝ որպէսզի քաղաքի արեւելեան հատուածին հիւսիսը դատարկուի զինեալներէն:
Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրացաւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հակակշռուած տարածքներու երեսուն տոկոսին:
Պեշար Էսատի վարչախումբին ենթակայ զօրքերը թողած են միջանցք մը՝ որպէսզի քաղաքի արեւելեան հատուածին հիւսիսը դատարկուի զինեալներէն:
Հայաստանի մարմինները հետեւողական աշխատանք կը տանին սուրիահայոց խնդիրներու լուծման համար:
Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար բանակցութիւններ կը վարուին Քուէյթի եւ Չեխիոյ հետ: Երեւանի ղեկավարութիւնը նոյն նպատակով կը ջանայ շարժման անցընել նաեւ ԵՄ-ի միջոցները:
Մամլոյ ծանուցումներու հաստատութիւնը (Basın İlan Kurumu-BİK) որոշած է այս տարի եւս շարունակել օժանդակութիւնը փոքրամասնութիւններու թերթերուն համար։ Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ BİK-ի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին առնուած է այս որոշումը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ քննարկում մը։ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հիմնախնդիրներ» խորագրեալ հաւաքոյթին շրջագծով մասնագէտներ քննարկեցին արեւմտահայերէնի զարգացման ու պահպանման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու խնդիրը։
Հայաստանի մէջ կազմակերպուած աննախընթաց ձեռնարկը փայլուն անցաւ:
«Պուքինիստ» գրախանութն ու «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը կը խրախուսեն ընթերցասէրները:
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին (ԱԵԿ) մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ աշուն» ձեռնարկը: Աշունը այստեղ բացայայտուած է տարբեր ձեւով. հիւր եկած է տարուան ամենագունեղ եղանակը՝ իր բոլոր գոյներով եւ բերք ու բարիքով: Ձեռնարկին ընթացքին զգալի եղած է աշնան շունչը, որուն մասնակցած է ԱԵԿ-ի տարբեր խմբակներ յաճախող շուրջ հարիւր սան: Կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով, ասմունքով եւ պարային կատարումներով:
«Քանի տակաւին անորոշ է Արցախի կարգավիճակը, որեւէ այլ հարց լուծում չի կրնար գտնել»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀՀԿ-ի 16-րդ համագումարին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին:
Լրագրող Հայքօ Պաղտատ երէկ Սամաթիոյ մէջ մակագրեց իր գիրքերը։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հանդիպակաց «Սահաֆ» գրախանութին կողմէ շնորհանդէս մը կազմակերպուած էր իր նոր գիրքին համար, որ կը կոչուի «Գուրթուլուշ չոք պոզուլտու»։
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը մեծ ոստում մը արձանագրելով (38 դիրքի) բարձրացաւ 87-րդ դիրք:
Հանր. նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ:
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան լուծում մը գտնել՝ Հալէպի առկայ մարդասիրական տագնապին համար: