ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը շփումներ պիտի ունենայ Պերլինի մէջ։ Նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։
Երեւանի մէջ այս եղանակին արդէն ձիւնած է առաջին անգամ։ Հայաստանի լրատուական գործակալութիւնները արդէն կը սփռեն ձիւնածածկ մայրաքաղաքէն դրուագներ։ Ընդհանրապէս, այս տարի ձմեռը կանուխ վրայ հասած է Հայաստանի մէջ։
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հայաստանի «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանը շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը սփռեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը՝ յոբելենական մթնոլորտի պայմաններով:
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-
«Փախստականները ձայն չունին, անոնք անձայն են ու լուռ, ատոր համար ալ իմ հիմնական նպատակս է՝ անոնց մասին խօսիլ, լուսաբանել եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ օգնել: Այսօր Սուրիոյ մէջ եղած դէպքերը ինծի ակամայ յիշեցնել կու տան  հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ եղած դէպքերը», յայտնեց նկարչուհի Զեփիւռ Ճերահեան: