ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրագէտ ու գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» խորագրեալ գրքին ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Հայստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին։
Ֆութպոլի հայազգի անցեալի նախկին աստղ, մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Նիքիթա Սիմոնեան իր ծննդեան 90-ամեակին օրը դարձաւ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018 թուականի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքի դեսպան: Ան իր յուշա-վըկայագիրը ստացաւ Ռուսաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ: