Լրահոս
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
ԻՎԵԹԱ ՄՈՒԿՈՒՉԵԱՆ ԱՆՑԱՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒՄ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան հռչակուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ տարուան անդամը»:
ՔԵՐԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
ԸՆԹԱՑԻԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ներկայացուցիչները քաղաքիս մէջ:
Ըստ Ռազմիկ Փանոսեանի, սփիւռքահայ վարժարաններուն հետ ձեռնարկուած ծրագիրները ունին յուսադրիչ հեռանկարներ:
ԻՑՀԱՔ ՌԱՊԻՆ ԿԱՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԵՐԱԶԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ես 30743 համարը կրող իսրայէլեան բանակի նախկին զօրավարս այսօր անդամ դարձայ խաղաղութեան համար պայքարող մեծ բանակին»։ Այս խօսքերով Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսին առջեւ հանդէս եկած Իսրայէլի հինգերորդ վարչապետը՝ Իցհաք Ռապին կը սպաննուէր 4 Նոյեմբեր 1995 թուականին:
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Մայիս 9-ի առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ երէկ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը յարգանքի տուրք մատուցին նահատակներու յիշատակին համար:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան այսօրուան իր խմբագրականի սիւնակին մէջ գրած է հետեւալը։ Կ՚արտատպենք արեւմտահայերէնի վերածելով, որոշ յապաւումներով։



