ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԵԹՐՈՆ ԿԸ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Երեւանի մեթրոն, որ ձօնուած է Կարէն Տեմիրճեանի անուան։ Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեթրոյի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ ան ճամբորդեց «Բաղրամեան» կայարանէն մինչեւ «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանը։