ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԻ ՄԷՋ
Ռուսահայ հռչակաւոր գործարար Սամուէլ Կարապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ կալուածներու շուկաներէն ներս շուրջ 5 միլիառ տոլար հարստութիւնով միջազգային համբաւ ձեռք բերած ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի Ace զբօսանաւը Յունաստանի Սանթորինի կղզիէն երէկ առաւօտեան ժամերուն մօտեցաւ Պոտրում։


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:


Մայիս 9-ի առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ երէկ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ: