«ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այս օրերուն բացուած է «Ժամանակին ընդառաջ. վերականգնումը Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կ՚արժանանայ թէ՛ հետաքրքիրներու եւ թէ՛ մասնագիտական շրջանակներու ուշադրութեան։
Չեխ գրող ու ճանապարհորդ Քարել Հանսայի կողմէ հեղինակուած «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը այս շրջանին հայերէնի թարգմանուած է՝ Փրակի «Օրեր» համաեւրոպական ամսագրի համահիմնադիր Աննա Կարապետեանի կողմէ։
Հայաստանի կառավարութիւնը այս շրջանին կը քննարկէ նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի պարզեցուած կարգով քաղաքացիութիւն տալ այն անձերուն, որոնք երկրէն ներս 150 հազար ամերիկեան տոլար ներդրում կը կատարեն։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ երկրէն ներս օտարերկրեայ ներդրումները միշտ խրախուսուած են, թէ՛ մասնաւոր անձերու եւ թէ մեծ ընկերութիւններու ներդրումները քաջալերուած են համաչափ։
Պէյրութի մէջ վերջերս հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 67-րդ տարեդարձը։ Այս տարուան հիմնադրութեան օրը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Հայկազեան համալսարանը մեծարէ յայտնի գիտնական ու արուեստաբան տքթ. Արտա Արսէնեան-Էքմէքճին, որ հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ՝ հիւր զեկուցողի կարգավիճակով։
Ատրպէյճանի բանակը շարունակ կրակ կը բանայ Հայաստանի դիրքերուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ պատրաստ է հանդիպիլ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Օրերս Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս առիթով մը յայտնած էր, թէ պատրաստակամ է Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպելու համար։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան 4-րդ տարելիցը համախմբեց իր ընկերներն ու սիրելիները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ