ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՆԷ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պատասխանեց հարցումի մը, թէ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստան չի յարգեր Ատրպէյճանի հետ ստորագրած համաձայնութենէն բխած պարտաւորութիւնները։ Ըստ Չավուշօղլուի, պատերազմի յաղթանակէն վերջ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն։
Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական տարեկան մրցանակի պարգեւատրման արարողութիւնն ու յարակից կարգ մը ձեռնարկներ։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգութեան համար երէկ կատարուած ընտրութեան 3 հազար 527 հոգի մասնակցեցաւ։ Բացի Օրթագիւղէն, քուէատուփեր տեղադրուած էին նաեւ Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Գումգաբուի եւ Ենիգիւղի մէջ։
Փաշինեան. «Ատրպէյճան մտադիր է Հայաստանի նոր տարածքներ գրաւել, ինչ որ պէտք է կանխել»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները կը գտնուէին Աստանայի մէջ, ուր մասնակցեցան Ասիոյ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ուղղեալ նախազգուշական միջոցներու խորհրդաժողովին։
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) շրջանակներէն ներս այս օրերուն Աստանայի մէջ տեղի կ՚ունենան կարեւոր հանդիպումներ, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, հարթակ կը հանդիսանան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկելու համար։
92-րդ ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան նախագահին ելոյթը. «ՀԲԸՄ կը յատկանշուի իր ստեղծարար ոգիով, կենսունակութեամբ եւ ապագային յարած բնոյթով»:
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Սպիտակ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները համաձայնութիւն գոյացուցին, որպէսզի Հայաստան ուղարկուի քաղաքացիական առաքելութիւն մը, որ պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանազատման աշխատանքներուն նպաստելու համար։